2016-11-28 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 նոյեմբերի քարոզը` ''Յիսուսին հետ հանդիպիլ''


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէական հաւատքը տեսութիւն մը չէ,  ոչ ալ իմաստասիրութիւն, այլ՝ Յիսուսին հետ հանդիպում է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, երկուշաբթի, 28 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց  Յիսուսի հետ հանդիպելու  համար երեք կեցուածքներ. Աղօթք, եղբայրասիրութիւն եւ Աստուծոյ փառաբանութիւն։

Հսկել, աղօթք կատարելով ,եղբայարսէր ըլլալ ոչ միայն աղքատին դրամ տալով, այլ հանդուրժել մեզ անհանգստացող մարդիկը, հանդուրժել մանուկները երբ աղմուկ կը հանեն, սիրով հանդուրժել ընտանիքի բոլոր անդամները։ Ի վերջոյ  Ուրախութեամբ փառաբանել Տէրը, որպէսզի  կարենանք լաւապէս ապրիլ Տիրոջ հետ հանդիպելու ուղեւորութիւնը ըսաւ  Սրբազան Հայրը  մատնանշելով թէ  Տիրոջ հետ հանդիպումը մեծ անակնկալ կը պատճառէ , որովետեւ , Ան միշտ մեզ կը կանխէ, միշտ առաջինն է  որ մեզ կը փնտռէ։

՝՝Մեր Աստուածը ,անակնկալներու  Աստուած է, Ան մեզ կը սպասէ եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ  լոկ՝ բարի կամքի քայլեր կատարենք, ունենանք Տիրոջ հետ հանդիպելու սէրը,  որպէսզի Ան կարենայ ընկերանալ մեր ուղեւորութեան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց թէ ինք մեծապէս  տպաւորուած է Պենետիկտոս Վաստակաւոր քահանայապետին  խօսքէն, որ հաւատքը տեսականութիւն չէ ոչ ալ իմաստասիրական գաղափար, այլ հանդիպում Յիսուսին հետ։

''Օրէնքի վարդապետները  ամէն ինչ գիտէին, սակայն՝ Անոնք հաւատք չ՝ունէին որովհետեւ իրենց սիրտը հեռու էր Աստուծմէ'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին յորդորեց ներկաները, որ Աստուծմէ հայցեն իրենց մէջ արթնցնելու  Քրիստսիին հետ հանդիպելու կամքը, աղօթքով, բարի գործերով ու Աստուած փառաբանելով.   Այսպէսով մենք կը հանդիպինք Տիրոջ ու պիտի ունենանք գեղեցիկ անակնկալ մը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.